2016-04-07 12:36:00

16 Ապրիլին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Յունաստանի` Լեզվոսի գաղթականները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան համաձայն,  ֆրանչիսկոս Պապ, ընդառաջելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոսի եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրներուն, յառաջիկայ շաբաթ` 16 ապրիլ 2016-ին, պիտի մեկնի Յունաստան` Լեզվոս կղզի։

Կղզիին մէջ, Սրբազան Հայրը, Բարթողոմէոս Ա` եւ Աթէնքի ու Համայն Յունաստանի գերերջանիկ Հիերոնիմոս Բ Պատրիարքը, հանդիպում պիտի ունենան այնտեղ  ապաստան գտած գաղթականներուն հետ։ 

Վերոնշեալ ճամբորդութեան մասին արտայայտուելով­, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի  տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի հաստատեց թէ Սրբազան Քահանայապետը միշտ ուշադիր է ժամանակակից աշխարհի հարցերուն եւ յատկապէս երբ այդ հարցերու բերումով մարդիկ կը տառապին։ Այնպէս ինչպէս` իր քահանայապետութեան առաջին ամիսներուն  այցելած էր Լամփետուզայի կղզին, իր մօտիկութիւնը արտայայտելու այնտեղ ապաստան գտած փախստականներուն եւ ահա այսօր նոյնը կը փափաքի ընել, որպէս գաղթականներուն եւ փախստականներուն զօրակցութեան արտայայտութիւն։

Հայր Լոմպարտի հուսկ հաստատեց թէ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին ներգործութիւնները լոկ քաղաքական հանգամանք չունին այլ մարդկային, բարոյական եւ կրօնական հանգամանք որոնք կոչ կ՛ուղղեն իւրաքանչիւրին  պատասխանատուութեան, ամէն մէկուն իր մարզին մէջ, որոնելու համար հարմար ու մարդկային միջոցները եւ լուծումներ որոնք կը յարգեն տառապանքի մէջ ապրող անհատները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.